1941-ին «Գարակէօզեան» հիմնարկը (հաստատուած Նիւ Եորք, Միացեալ Նահանգներ) հիմնեց «Գարակէօզեան» Մանուկի բարօրութեան հատատութիւնը, որ գրանցուած է 2899 արտօնագրի համաձայն եւ ստորագրուած օրուան ընկերային եւ ներքին գործերու նախարար պարոն Սաապ Սալամի կողմէ: Հաստատութիւնը նշեալ արտօնագիրով Լիբանանի պետութեան կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած է՝ իբրեւ ոչ պետական հաստատութիւն:
Հաստատութիւնը կը գործէ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան հովանաւորութեան տակ եւ անդամ է Լիբանանի ընկերային նախարարութեան Մանուկի բարօրութեան գերագոյն խորհուրդին:
«Գարակէօզեան» հաստատութիւնը կը գործէ զանազան կեդրոններով: Հիմնական կեդրոնը կը գտնուի Պէյրութի հիւսիսը գտնուող Պուրճ Համուտ քաղաքին մէջ, որ մարդաշատ տարածք է: Նաեւ կը գործէ Ֆանար-Լէյլաւանի մէջ՝ մատչելի բուժարանով մը եւ երկու փոքր բուժարաններ Այնճարի եւ Մեժտ էլ Այնճարի, Պեքաայի մէջ:
Հաստատութիւնը, իբրեւ ծառայութիւն,իր անմիջական միջավայրին կը տրամադրէ նաեւ բազմաբնոյթ ընկերային-օգնութիւն ծրագիրը, որ կ’ընդգրկէ տագնապայարոյց երիտասարդներու ուսուցում, ուսուցման սենեակ, ամառնային ճամբար եւ մասնագիտական արհեստավարժական վերապատրաստման ծրագիր:
4 Օգոստոս 2020-ին, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք, կեդրոնը հետապնդեց 100 հայ ընտանիքներու պարագաներ, որոնք ուղղակիօրէն ազդուած են պայթումի հետեւանքներէն, բայց կարողութիւն չունենալով ներկայանալու «Գարակէօզեան» կեդրոն՝ ստանալու պէտք եղած բժշկական խնամքը, կեդրոնս որդեգրեց բազմամասնագիտական խումբ մը՝ բաղկացած բժիշկէ, հիւանդապահէ, բնաբուժէ, երակահատէ եւ ընկերային ծառայողէ, որ կրցաւ հասնիլ պայթումէն ազդուած ընտանիքներուն եւ անոնց տրամադրեց համապատասխան տնային խնամք:
![KA Greeting Card 2019 Final [C] 190733](https://i0.wp.com/karagheusianassociation.org/wp-content/uploads/2022/01/KA-Christmas-2021-Chart-Rev1-210499.jpg?resize=1024%2C549&ssl=1)
«Գարակէօզեան» հաստատութիւնը կը կեդրոնանայ մայր եւ զաւակ զարգացման գործունէութեան վրայ, տրամադրելով բժշկական, ընկերային, հոգեբանական եւ կրթական ծառայութիւններ:
«Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնական նպատակը երեխայի լիակատար բարեկեցութեան ապահովումն է, որովհետեւ մանուկները մեկուսացած չեն կրնար ապրիլ, ուստի կարելի չէ օգնել անոնց՝առանց նկատի առնելու ընտանիքը, դպրոցը, ճամբան, միջավայրը եւ բոլոր այն ազդեցութիւնները, որոնց ենթարկուած կրնան ըլլալ: Ի մտի ունենալով այս մէկը, մենք կը ձգտինք մանուկները դաստիարակել ամբողջական եւ համապարփակ ձեւով՝ իրենց ընտանիքներուն եւ անմիջական միջավայրերուն մէջ:
Աշխատանքային մեր մօտեցումը յաջողած է սերունդները պատրաստել լիարժէք, արդիւնաւէտ եւ առողջ կեանքի համար:
Որպէսզի իրագործենք մեր առաքելութիւնը մեր տեսլականն է.-
- Ապահովել մանուկներու ամբողջական վերակեցութիւնը
- Օգնել անոնց, որոնք տագնապի մէջ են եւ նեցուկ կանգնիլ իրենց ֆիզիքական եւ ընկերային աճումին իրենց ընտանիքներուն եւ անմիջական պարագաներուն հետ
Այս առաքելութիւնը իրականացնելու համար, մենք մեր ծառայութիւնները կը հիմնենք առողջութեան 3 պահպանման առաջնային հիմնասիւներու վրայ, որոնք են:
Կանխարգիլումի եւ կրթական արշաւներ
Բուժում
Հետապնդում
![Greeting Card Insert [CM] 180757](https://i0.wp.com/karagheusianassociation.org/wp-content/uploads/2022/01/KA-Values-Chart-220019.jpg?resize=1024%2C698&ssl=1)
Պարոն Կարպիս Մարգարեան – նախագահ
Օրիորդ Իրինա Լազարեան- փոխ նախագահ
Տիկին Սօսի Պալեան- Քարտուղարուհի
Պարոն Ռաֆայէլ Ումուտեան- Գանձապահ
Դատաւոր Զոհրապ Այվազեան- իրաւական հարցերու խորհրդատու
Պարոն Ժան Սալմանեան- խորհրդատու
Պարոն Սարգիս Քէօշքերեան- խորհրդատու
Տիկին Ազատուհի Սիմոնեան- խորհրդատու
Պարոն Վահէ Պարսումեան- խորհրդատու
Պարոն Սերոբ Օհանեան- Լիբանանի տնօրէն
«Գարակէօզեան» հաստատութեան Լիբանանի Վարչական խորհուրդի եւ խորհրդատուներու, տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան դերն ու նպատակն է վերահսկել գործն ու մատուցուած ծառայութիւնները՝ պահելու հաստատութեան առաքելութեան գործադրութիւնը: Նաեւ՝ խորհրդատուուական դերակատարութիւն ունենալ Լիբանանի գործադիր տնօրէնութեան եւ ուղղորդել անոր աշխատանքը: Վարչական խորհուրդի անդամները ընտրուած են լիբանանահայ զանազան յարանուանութիւններէն (համայնքներէն):
Նկարի տակ.- «Գարակէօզեան» հաստատութեան Լիբանանի Վարչական խորհուրդի (Խորհրդատու մարմին) անդամները հաստատութեան կեդրոնական մարմինի անդամ Զաւէն Թաշճեանի եւ գործադիր տնօրէնուհի Իրինա Լազարեանին հետ:
Բացի միջավայրի հանրային առողջութիւնը խնամելէ եւ նպաստելէ, «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը անդամագրուած է հետեւեալ Լիբանանեան եւ Հայկական ցանցերուն:
- Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւն
- Լիբանանի Ընկերային հարցերու նախարարութիւն
- Լիբանանի մէջ Մանկութեան հարցերու բարձրագոյն Խորհուրդ
- Լիբանանի Ազգային առողջապահական կեդրոնական աշխատանքային խումբ
- ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի առողջապահութեան եւ սնունդի աշխատանքային խումբ
- Լիբանանի հասարակական կազմակերպութիւններու Ֆորումային ցանց
- Լիբանանի Մանուկներու բարեկեցութեան միութիւն
- Հայկական Հաստատութիւններ
Հանձնաժողովներ
- Ընկերային ծառայողներու Միութիւնը, որ կը գործէ Հայկական համայնքին մէջ
- «Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոն
- Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան
- Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու Միութիւն- Ընկերային Ծառայութեան Յանձնաժողով
- Առողջութեան Ապահովագրութեան Հայկական Ֆոնտը Լիբանանի (ԱՖՀԻԼ)
Այս հաստատութիւններէն, խնամակալներէն եւ միութիւններէն բացի, «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը սերտ գործակցութիւն ունի «Ճինիշեան»-ի, «Սեն Մարք» տարրալուծարանի, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի, Հայկական Բարեսիրական Ընդհանուր Միութեան, ՔԱՀԼ-ի եւ այլ զանազան միութիւններու հետ: