Լիբանանի «Գարակէօզեան» հիմնարկը կը հայթայթէ մատչելի եւ բարձր որակի առողջապահական ծառայութիւններ բոլոր անոնց, որոնք կ’ապրին իր անմիջական տարածութեան մէջ:
Մեր առողջապահական ծառայութիւնները կը մատուցենք անկախ մշակութային եւ ցեղային տարբերութիւններէ:
Գարակէօզեան Առողջապահութեան առաջնային բաժինը Լիբանանի Առողջապահութեան առաջնային պահպանման ազգային ցանցի մէկ մասն է, ուր Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ տարբեր միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ համատեղ, կը ձգտի առաջնային առողջապահական ծառայութիւններ տրամադրել բոլորին հասանելի, մատչելի, շարունակական և բարձրորակ առողջութեան առաջնային պահպանման ծառայություններ՝ ոչ ոքի ետին ձգելով: Գարակէօզեան հաստատուփեան բաժանմունքները իրենց ծառայութիւնները կ’իրականացնեն՝ կեդրոնանալով հանրային առողջութեան չափանիշներու հիմնասիւներու վրայ հետեւեալ ձեւով՝
- Կանխարգիլում եւ հիւանդութեան վաղ յայտնաբերում (պատուաստում, վարակիչ հիւանդութիւններու գնահատում, վնասակար սննդառութեան գնահատում, հոգեկան առողջութեան գնահատում, հիւանդի կրթութիւն, իրազեկումի արշաւներ, առողջապահական լուսաբանութիւններու նկատառումներով դպրոցներու այցելութիւններ):
- Բուժում՝ միջազգային բժշկական ուղղենիշներու համաձայն:
- Առողջական վիճակի հետապնդում՝ խնամքի անհատականացուած ծրագիրներու միջոցով:
Առողջապահական ստորաբաժանումներ.
- Մանկաբուժարան: Ընդհանուր մանկաբուժութիւն, մանկական սրտաբան, մանկական նյարդաբան, մանկական ընդհանուր վիրաբուժ, մանկական ակնաբուժ:
- Մանկաբարձութեան և կանանց հիւանդութեան ծառայություններ: PAP Smear , ներարգանդային պարոյրի տեղադրում և հեռացում, Սազմի հսկողութիւն, մանկաբարձական գերձայնային հետազոտութիւն, Մորֆոսկան..
- Ընտանեկան բժշկութիւն և քրոնիկ խնամք
– Ընտանեկան բժշկութեան 16 բժիշկ ամէն օր կը սպասարկեն ձեզ:
– Քրոնիկական խնամք. սրտաբանութիւն, գեղձերու, երիկամներու, թոքաբանութիւն, կաստրոէնտերոլոգիա եւ ջիղերու մասնկագէտ:
- Դեղագործութեան բաժին: Չորս վկայեալ դեղագործներ, որոնք օրական կը սպասարկեն մինչև 500 հիւանդի:
- Ատամնաբուժական բաժանմունք: Վեց մասնագետ, երեք չափահաս ատամնաբուժ, երկու մանկական ատամնաբուժ և մէկ Endo-ատամնաբուժ: Մատուցուող ծառայություններն են՝ Ատամի ստուգում, Ատամներու մաքրութիւն, ատամ լեցնել, արմատախողովակի և համայնապատկերային շողարձակ նկար (Panoramic X-ray)։
- Ակնաբուժական բաժանմունք: Խորհրդատուութիւն, Խալազիոնի հեռացում, օտար մարմնի հեռացում, աչքի լայնացում, Տոնոմետրիա (աչքի ճնշում), արցունքաբեր ծորանի լայնացում և ոռոգում, Քսանթելազմայի հեռացում:
- Սննդագիտութեան բաժանմունք: Խորհրդակցութիւններ, ներմարմնային քննութիւն, սննդագիտական ծրագիր եւ հետևում:
- Տարրալուծարանական բաժին: Չորս մասնագէտ և մէկ տարրալուծարանի բժիշկ կը տրամադրեն կենսաքիմիական և հորմոններու քննութիւններ:
- Ախտորոշիչ գերաձայնային բաժանմունք: Կրծքագեղձ (միակողմանի կամ երկկողմանի), շագանակագեղձ, վահանաձև գեղձ, ամորձիներ, որովայնի մէկ մարմին (լեղապարկ, երիկամ,…), յոդեր (ուս, արմուկ, ծունկ…), կոնք, որովայնային, երակային տոբլեր, զարկերակային տոբլեր, զարկերակային տոբլեր, ամորձիներու տոբլեր, Երիկամային տոբլեր, արգանդի վզիկի տոբլեր:
- Ֆիզիոթերապիայի բաժանմունք: Ֆիզիոթերաբիի ծառայութիւններ երեխաներու և մեծահասակներու համար:
- Այլ մասնագիտություններ: (ENT) (ականջ, քիթ, կոկորդ), մաշկաբանութիւն, մարզականի բժշկութիւն, արիւնաբանութիւն-ուռուցքաբանութիւն, Ոսկրաբան, Ուրոլոգիա
«Գարակէօզեան» Միջավայրի զարգացման միաւորը կը հասնի բոլոր անոնց, որոնք միջավայրէն անտեսուած կ’ապրին անբարենպաստ պայմաններու մէջ՝ սորվեցնելով անոնց կարգ մը հմտութիւններ ու մեթոտներ, որպէսզի բարելաւեն իրենց կեանքի պայմանները:
Միջավայրի զարգացման միաւորը նախաձեռնեց կիներու հզօրացման քարոզարշաւներու, չափահասներու ուսումնական եւ արհեստավարժական գործունէութիւններու, ուսուցողական ծրագիրներու, կարիքաւոր երեխաներու ամառնային դպրոցի եւ գործի առիթներու ընծայումի միջոցով:
Կիներու հզօրացման նախաձեռնութիւններ
Կիներու հզօրացման նախաձեռնութիւնները պատրաստուած են կիներու տարբեր տարիքային խումբերու համար, տրամադրելով անոնց հմտութիւններ, որպէսզի անոնք իրենց կարգին դառնան գործունեայ ու արդիւնաբեր անհատներ համայնքին մէջ:
Առողջաբանութեան, սնուցումի, բժշկական խնդիրներու, ընկերային, առողջ ընտանեկան եւ մայր-զաւակ յարաբերութիւններու մասին շաբաթական հաւաքները եւ դասախօսութիւնները սահմանուած են իբրեւ կեդրոնական նիւթեր, որոնք կ’արծարծուին ամբողջ տարուան ընթացքին:
Երեխաներու զարգացման նախաձեռնութիւններ
Կարեւոր նախաձեռնութիւններէն մէկն է նաեւ ամառնային դպրոցը եւ ուսուցողական ձեռնարկներու ծրագիրները, որոնք կը նպաստեն դպրոցական տարիքի երեխաներու կարողութիւններու բարձրացման, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին դառնան յաջողակ քաղաքացիներ եւ ղեկավարներ իրենց շրջապատին մէջ:
Այլ միաւորներ
Ընկերային Ծառայութիւն
Ընկերային Ծառայութիւն (Հաւաքական աշխատանք)
Զբաղուածութեան գրասենեակ
Ամառնային դպրոց
Մասնագիտական ուսուցում և զարգացում
«Ուսումնական Սենեակ» ծրագիրին նպատակն է կասեցնել դպրոցէ զրկուողներու երեւոյթը, որուն համար «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը գործադրութեան դրաւ իննամսեայ ծրագիր մը՝ ուղղուած տարբեր մակարդակ ունեցող հայկական վարժաարաններէն եկած աշակերտներու: «Ուսումնական Սենեակ»-ի ծրագիրը կը գործադրուի դպրոցական օրերուն՝ կէսօրէ ետքերը, ժամը 3:30էն 6:30:
«Ուսումնական Սենեակ»-ի ծրագիրի գործադրութիւնը վստահուած է խումբ մը կամաւոր ուսուցիչներու, որոնք կը հետապնդեն աշակերտներու դպրոցական աշխատանքները: Ուսուցիչները կը հետեւին նաեւ հիմնական դպրոցին մէջ ծնողք-ուսուցիչ ժողովներուն եւ դպրոցական յատուկ այցելութիւններ կը կատարեն՝ որպէս հետապնդումի աշխատանք աշակերտին թէ՛ ուսումնական, թէ՛ վարքային կատարումներուն:
«Ուսումնական Սենեակ»-ի ուսուցիչները նաեւ կը տրամադրեն իրենց աշակերտներուն ժամանցներ, պտոյտներ, տաղանդի ներկայացումներ, տարեդարձի, ամանորի եւ զատկուան տօնակատարութիւններ:
«Ուսումնական Սենեակ»-ի ծրագիրին յատկանշական կէտերէն մէկն է ողջունող մթնոլորտը, որ կը հիւրընկալէ աշակերտները ջերմ ընդունելութեամբ եւ հարազատ հոգածութեամբ: Բժշկական, հոգեբանական, զգացական անկարողութիւններով տառապող աշակերտներուն համար «Ուսումնական Սենեակ»-ը հարազատ տուն է: Ծրագիրի ստեղծած միջավայրը՝ապահով վայր մը հոն յաճախող երեխաներուն, որոնց կը տրամադրուի պատշաճ կրթութիւն եւ անոր հասնելու միջոցները:
Հայկական վարժարաններուն մէջ մեր կանոնաւոր առողջական վերահսկողութիւնը ահազանգեց յատուկ կրթութեան կարիքը ունեցող մանուկներու գոյութիւնը: Այս պարագաները կա՛մ ուղարկուեցան մեզի՝ դպրոցներու տնօրէնութիւններէն եւ ուսուցիչներէն, եւ կամ մենք զանոնք յայտնաբերեցինք մեր առօրեայ առողջական վերահսկողութեան ընթացքին: Նշեալ պարագաներուն հետ մենք կ’աշխատինք մեր մասնագէտներու խմբակով, որոնք կը բաղկանան հոգեբուժներէ, յատուկ մանկավարժներէ եւ ուրիշներէ:
Յատուկ կրթութեան կարիքը ունեցող երեխաներու միաւորը կը շարունակէ ընդլայնել իր աշխատանքներուն ծիրը՝ որդեգրելով լաւ կազմակերպուած միջամտութեան համակարգ, որ կ’ընդգրկէ կանխարգիլումի եւ իրազեկումի, միջամտութեան եւ հետապնդումի աշխատանք:
Մինչեւ օրս յայտնաբերուած պարագաները կը ներգրաւեն հետեւեալ դժուարութիւններու տեսակները.-
- Ուսման խանգարումներ՝ դպրոցէն ներս հիմնական հմտութիւնները ընկալելու դժուարութիւններ, ինչպէս կարդալ, գրել, հասկնալ եւ վերամշակել տրուած տեղեկութիւնները:
- Զգացական եւ վարքային դժուարութիւններ՝ ընկերներ ունենալու, չափահասներու հետ յարաբերելու կամ դպրոցին մէջ անպատշաճ վարուելակերպ դրսեւորելուլ:
- Զգայարանական կամ ֆիզիքական պէտքեր, ինչպէս լսողութեան կամ տեսողութեան խանգարումներ:
- Հաղորդակցութեան խնդիրներ՝ իրենք զիրենք արտայայտելու կամ ուրիշներու միտքերը հասկնալու դժուարութիւն:
- Բժշկական կամ առողջական յատուկ վիճակ, որ կրնայ դանդաղեցնել իրենց յառաջընթացը, ուստի ներգրաւել բուժումներ, որ կ’ազդեն իրենց ուսման:
Նաեւ, այս ստորաբաժանման շրջանակներուն կողքին հաւաքական աշխատանքներ կը կատարուին
- Պարագայ անձի գնահատում
- Հաւաքական աշխատանքներ
- Իրաւունքներու պաշտպանման ժողովներ եւ հաւաքներ
ԱՅԼ ՄԻԱՒՈՐՆԵՐ
Ի լրում Պէյրութի մէջ մեր լայնածաւալ ծառայութիւններուն, մենք նաեւ ունինք բուժարաններ Պեքաայի մէջ, Լիբանան:
«Գարակէօզեան» Այնճարի Բուժարանը
«Գարակէօզեան» Այնճարի բուժարանը հիմնուած է 1940-ին, Այնճարի հայ գաղութին կողմէ: Այնճարի մէջ աշխուժ միջավայր ստեղծելու համար, «Արեւելքի օգնութեան հիմնարկութիւնը» «HILFSBUND mission»-ին հետ միասին, ներգրաւուած էր նշեալ հայերուն աջակցութեան գործին մէջ: Տարիներու ընթացքին «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը ստանձնեց «Արեւելքի օգնութեան հիմնարկութեան» աշխատանքը եւ այսպէս սկսաւ գործել՝ իբրեւ գիւղին մէջ բժշկական եւ ընկերային կեդրոն:
Այնճարի Մանկաբուժարանը
Այնճարի մանկաբուժարանը վերականգնեցաւ 2011-ին: Մանկաբուժարանը ունի կանոնաւոր եւ հերթական դրութեամբ այցելու բժիշկ: 2019-էն սկսեալ կեդրոնը կանոնաւոր դրութեամբ սկսաւ պատուաստումներ ապահովել մանուկներուն՝ տրամադրուած Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ:
Այնճարի դպրոցական առողջապահական ծրագիր
Առողջութեան վերահսկողութեան այս ծրագիրը կ’իրագործէ Այնճարի մէջ գործող 3 դպրոցներու եւ 2 գիշերօթիկներու այցելութիւններ, քննելով մօտաւորապէս 428 աշակերտներ: «Գարակէօզեան» հաստատութեան դպրոցներու առողջութեան խումբը կ’այցելէ այս դպրոցները ընդհանուր ստուգումի, որուն ծիրին մէջ կը գտնուի աշակերտներու մանկաբժշկական խորհրդակցութիւններ, իսկ 2 հիւանդապահներ տեսողութեան քննութիւններ կը կատարեն իւրաքանչիւր աշակերտի:
Այնճարի ատամնաբուժարան
Ատամներու բուժումները կը կատարուին «Գարակէօզեան»-ի Այնճարի բուժարանին մէջ՝ տեղւոյն ատամնաբոյժին կողմէ: Ատամնաբոյժը կանոնաւոր դրութեամբ ներկայ կը գտնուի բուժարանը՝ շաբաթը 3 օր:
Այնճարի Ակնաբուժարան
«Գարակէօզեան» հաստատութեան Պէյրութի ակնաբոյժը շաբաթը մէկ օր կ’այցելէ Այնճարի կեդրոնը: Ան կը քննէ աշակերտները, ուսուցիչները եւ կարգ մը չափահասներ: Ակնոցներու եւ այլ բուժումներու կարիքը ունեցող հիւանդները կ’ուղղուին Պէյրութի մեր ակնաբուժարանը:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂԻ ՄԻԱՒՈՐ
«Գարակէօզեան» հաստատութիւնը իր գործունէութեան մէջ կը կեդրոնանայ թէ՛ անհատական խնդիրներու եւ թէ՛ խմբային աշխատանքներու վրայ: Գործունէութեան նպատակն է ապահովել երեխաներու բոլոր իմաստներով առողջ աճը: Ծրագիրները կը գործադրուին փորձառու եւ մասնագէտ ընկերային ծառայողներու կողմէ:
Ընկերային ծառայութեան միաւորի աշխատակիցները իրենց դրական միջամտութեամբ նեդրումը կ’ունենան ապահովելով հիմնական խնամք եւ օգնութիւն կարիքաւորներուն: Ատիկա կ’իրականանայ՝ երբեմն միայն լսելով եւ ապահովելով բարոյական աջակցութիւն եւ երբեմն համագործակցելով այլ մասնագէտ հաստատութիւններու հետ: Խմբային աշխատանքներու ծրագիրը հիմնականին մէջ կը պարփակէ խմբային բուժումներու նիստեր մասնագէտներու հետ՝ լուծելով զանազան ընտանեկան, պատանեկան, առողջապահական եւ հոգեկան: